Մահացած է Արցախցի 25-ամեայ Սաթենիկ Սաֆարեանը, որ կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Քիչ առաջ խոր վիշտով տեղեկացայ, որ Սաթենիկ Սաֆարեանի պայքարը իրեն պատուհասած ծանր հիւանդութեան դէմ ապարդիւն էր...
Սիրելի՛ Սաթենիկ, քու հարազատներու ցաւը բոլորինս է, քանի որ բոլորս քեզի հետ կը պայքարէինք կեանքիդ համար: Քու մասնագիտութեամբ ու նուիրումով քանի կեանքեր պիտի փրկէիր, բայց ամէն ինչ մնաց կէս ճանապարհին:
Դու միացար լեկենտար ազատամարտիկ եւ հրամանատար հօրդ՝ Սամուէլ Սաֆարեանին, որ իր մատաղ կեանքը դրաւ հայրենիքի զոհասեղանին՝ յանուն քեզ, յանուն բոլորիս…
Ննջիր խաղաղութեամբ…»,- նշուած է նախագահի ֆեյսպուքեան էջին տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։