image

Փէնս-Էրտողան հանդիպումը տեւած է 4 ժամ

Փէնս-Էրտողան հանդիպումը  տեւած է 4 ժամ

ԱՄՆ փոխնախագահ Մայք Փէնսի եւ պետքարտուղար Մայք Փոմփէոյի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ տեւած է մօտ 4 ժամ, կը յայտնէ AP-ը։

Փէնսի գրասենեակը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները նախատեսուած ժամի աւարտէն ետք շարունակուած են Անգարայի նախագահական համալիրին մէջ։ 

Փէնս եւ Էրտողան բանակցութիւններէն ետք մամլոյ ասուլիսով հանդէս գալով, յայտարարած են, որ երկու երկիրները համաձայնած են Սուրիոյ մէջ 120 ժամուան զինադադար հաստատելու:

Անոնք համաձայնած են նաեւ պաշտպանելու այն բանտերը, ուր կը գտնուին «Տահէշ»ի զինեալները եւ պայքարելու «Տահէշ»ի դէմ: