Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն ներս որեւէ երկրին գործընկերոջ, դիտորդի կամ անդամի կարգավիճակ տալու որոշումը կը կայացուի համաձայնութեամբ: 12 սեպտեմբերին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիկովը:
Անդրադառնալով Ատրպէճանին ՀԱՊԿ-ի մէջ կարգավիճակ տալու վերաբերեալ խօսակցութիւններուն` ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Ատրպէճանին կողմէ որեւէ դիմում չէ ներկայացուած, եւ այդ հարցը չէ քննարկուած:
«Ուրկէ՞ այդպիսի տեղեկութիւններ: Ինչ-որ մէկը ինչ-որ տեղէ մը ըսած է իր անձնական կարծիքը, ու կը սկսուի այդ հարցի քննարկումը: Կը հասկանա՞ք՝ այդ սխալ է: Գոյութիւն ունին ընթացակարգային կանոններ, պահանջներ, որոնք ընդունած են ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները եւ որոնք պէտք է անխտիր կատարուին: Միայն ատկէ յետոյ կրնայ քննարկուիլ կարգավիճակի հարցը»,- ըսաւ Սեմերիկովը:
Ռուս պատասխանատուն շեշտեց, որ յատկապէս կարգավիճակի հարցը կ՛ընդունուի է համաձայնութեան խստօրէն պահպանմամբ:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատարի խօսքով` կազմակերպութեան դռները բաց են բոլոր երկիրներուն համար, եւ իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ ցանկութիւն յայտնել դառնալ կազմակերպութեան գործընկեր, դիտորդ կամ անդամ, սակայն կան որոշակի սահմանափակումներ եւ անոնք բոլորը ներկայացուած են օրինական փաստաթղթերուն մէջ: