image

Եկեղեցւոյ եզակի սպասաւորը.Արամ սրկ. Քէթէնճեան

Եկեղեցւոյ եզակի սպասաւորը.Արամ սրկ. Քէթէնճեան

Սրտի խօսք Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի Քահանայացման Քառասուն Ամեակի Առիթով

1977- 2017

 

Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան վերջին տարիներու տիպար հոգեւորականներէն մէկն է: Ան  իր հանգամանքով որպէս Իրաքահայ պատմական թեմի առաջնորդ, եղաւ առաջին սպասաւորը Իրաքահայութեան ու մայրենի եկեղեցիին բարելաւման ու բարգաւաճման ի խնդիր: Սրբազան Հայրը մտաւորականի իր  խոհեմութեամբ, ողջմտութեամբ, լաւատեսութեամբ, համբերութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ վերջապէս շինարարի հմտութեամբ՝ կարողացաւ բարւոք առաջնորդել ու պայծառացնել Իրաքահայ Թեմը ամբողջ 37  տարիներ անմեկնելի   դժուարութիւններով լեցուն միջավայրի մէջ, որոնցմէ կարելի է նշել երկարատեւ պատերազմներն ու տնտեսական արգելափակումը ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը տարիներուն վայրենի ու ժանտ  «Տահեշի»  ահաբեկիչներու   բերած սարսափն ու արհաւրալից վիճակը: Այո, Սրբազան հայրը որպէս քաջ հովիւ, կարելին չխնայեց առաջնորդելու իրեն յանձնուած հօտը դէպի   խաղաղ նաւահանգիիստ:

Նորին սրբազնութիւնը  իր հովուական բովանդակ տարիներուն արժանացաւ իր ժողովուրդի սիրոյն ու յարգանքին: Ան Իր հեզահամբոյր բնաւորութեան համար վայելած է  Իրաքի  վսեմաշուք Նախագահին եւ Վարչապետին ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան այրերու եւ  իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնապետերու համակրանքն ու յարգանքը: Հետեւաբար պատահական չէր որ Ան 2006ին ընտրուեցաւ Ընդհանուր Քարտուղար Պաղտատի Քրիստոնեայ համայնքներու խորհուրդին, ապա քանի մը տարի ետք՝  Ընդհանուր Քարտուղար Իրաքի Եկեղեցապետերու Խորհուրդին:

Յիշատակութեան արժանի է որ Առաջնորդ սրբազան հօր ձեռնասուններէն երեքը այսօր, որպէս բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը ծառայեն տարբեր գաղթօճախներ, ինչպէս, Գերաշնորհ Տ. Վահան եպս. Յովհաննէսեան՝ Առաջնորդ Ֆրանսայի հայոց, Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան՝ Առաջնորդ Ռումանիոյ հայոց, հոգեշնորհ Տ. Առէն վրդ. Շահինեան՝ Հոլանտայի հայոց հոգեւոր Տեսուչ:

Հետաքրքրական է նշել որ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանը Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ այս օրերու ամենէն երկար ժամանակաշրջան ծառայող առաջնորդն է:

Յիրաւի, Սրբազան Հօր առաջնորդութեան շրջանը  կը յամարուի պայծառագոյն էջերէն մին  իրաքահայութեան պատմութեան մէջ:

  Սոյն յօդուածը կը փակեմ յոբելեար Սրբազանի հետեւեալ խոհերով:-

«Աստուած ժպտաց իմ կողմը եւ երջանկայիշատակ Վազգէն Կաթողիկոսի միջոցաւ ինծի յանձնեց Իրաքահայ Թեմի առաջնորդութիւնը 1979 թուականէն սկսեալ: Թող օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը:»

«Իր գործընթացի ճամբուն վրայ, իրաւ հայ հոգեւորականը պարտի տեսիլք ունենալ իր ծառայութիւնը արդիւնաւորելու համար:»


Յոբելեար Սրբազանի ձեռնասուն՝

 Արամ սրկ. Քէթէնճեան