image

Թրքական ուժեր սպանդ կատարած են Հալէպի հիւսիսը. Կան 150 զոհեր

Թրքական ուժեր սպանդ կատարած են Հալէպի հիւսիսը. Կան 150 զոհեր

Թուրքիոյ բանակի կործանիչներու գրոհով 150 անձեր զոհուած են Հալէպի հիւսիսային հատուածին մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ թրքական հարուածը եղած է Աֆրին աւանին մէջ: Ըստ սուրիական «Սանա» պետական գործակալութեան, հարուածները եղած են Հասաճէք, Ալ Ուարտիյէ, Կոլ սրուճ, Հասիյէ եւ Սատ ալ շահպա շրջաններուն դէմ, ուր զոհերուն թիւը հասած է 150-ի: Ի պատասխան այս վտանգաւոր զարգացման, Սուրիոյ բանակի մէկ բանբերը յայտարարած է, որ յետ այսու սուրիական ուժերը թիրախ պիտի դարձնեն որեւէ թրքական օդանաւ, որ կը հատէ սուրիական սահմանը: Ըստ «Սուրիոյ մարդկային իրաւանց դիտարան» կայքին, թրքական ուժեր ծանր հրթիռարձակումներ կատարած են Հալէպի հիւսիսը գտնուող Թալ Այաշ շրջանին դէմ, որ կը գտնուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ: