image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը Փալմիրայի վրայ յարձակողները ետ մղած է

Սուրիոյ բանակը Փալմիրայի վրայ յարձակողները ետ մղած է

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ բանակը ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ յաջողած է խափանել ԱՄՆ-ի ենթակայ Ալ Թանֆ շրջանէն Փալմիրայի վրայ զինեալներ խմբաւորումներու ծրագրած յարձակման փորձը:

«ԹԱՍՍ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, յարձակման փորձը կատարուած է երկուշաբթի առաւօտեան, ժամը 4-ին, երբ զինեալ ահաբեկիչները Ալ Թանֆէն Փալմիրա փորձած են մտնել:

Բախման արդիւնքով 5 զինեալներ սպաննուած են:

Աղբիւրին համաձայն, ԱՄՆ ուժերու ապօրինի ռազմակայան հանդիսացող Ալ Թանֆ շրջանը զինեալ ահաբեկիչներու մատակարարման կէտ դարձած է, ուրկէ պարբերաբար յարձակման փորձեր կը կատարուին Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններու ուղղութեամբ: