image

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. թիրախ դարձուեցաւ Սուրիոյ բանակի գլխաւոր կեդրոնը

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. թիրախ դարձուեցաւ Սուրիոյ բանակի գլխաւոր կեդրոնը

Իսրայէլեան ուժերուն պատկանող անօդաչու թռչող սարքը հարուած հասցուցած է Դամասկոսի կեդրոնին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է սուրիական Al Ikhbariah հեռուստաալիքը։

Աւելի վաղ ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ յուլիս 16-ի կէսօրին Դամասկոսի կեդրոնին իսրայէլեան հրետակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է երկու քաղաքացիական անձ:

Վերջին երկու օրերու ընթացքին իսրայէլեան ուժերը նաեւ կը թիրախաւորեն Սուէյտա քաղաքի քանի մը շրջաններ՝ ի պաշտպանութիւն տուրզիներու։

Իր հերթին SANA գործակալութեան թղթակիցը յայտնած է, որ Իսրայէլի կողմէ մայրաքաղաք Դամասկոսին ուղղուած ռմբակոծութիւններու հետեւանքով շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են. այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Syria TV-ի տեղեկացմամբ՝ Իսրայէլի բանակը նոր օդային հարուած հասցուցած է Սուրիոյ բանակի գլխաւոր շտաբի շէնքին, որ կը գտնուի Syria TV հեռուստաընկերութեան դիմաց։ Օդային հարուածի ուժգին պայթումը ստիպած է աշխատակիցները լքել հիմնարկը։

Աւելի վաղ Իսրայէլի բանակը յայտարարած էր, որ թիրախաւորած է Դամասկոսի մէջ գտնուող Սուրիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի մուտքը։

Արաբական եւ տարածաշրջանային երկիրները դատապարտած են Իսրայէլի յարձակումները Սուրիոյ տարածքի վրայ՝ աջակցելով Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան։