Սահմանադրական դատարանի՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով կայացուած որոշմամբ խափանման միջոցի փոփոխման հարց չի կրնար բարձրացուիլ: Այդ մասին «Հեռանկար»-ի տաղաւարէն յայտարարած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը:
Հարցին՝ արդեօք ՍԴ-ն իրաւասու էր որոշում ընդունիլ Քոչարեանի հարցով, նախարար Բադասեանը պատասխանած է. «Իրաւասութեան մասով գիտէք, որ ՍԴ դատաւորներէն մէկը բարձրացուցած է դատարանի՝ առնուազն երեք անդամի մասնակցութեան անհնարինութեան մասին փաստարկներ եւ այդ մասով ՍԴ-ն որեւէ որոշում չէ կայացուցած: Եթէ, ամէն պարագայի, առկայ էին անհնարինութեան մասին տուեալներ՝ ՍԴ դատաւորները պարտաւոր էին այդ մասին յայտնել եւ սահմանուած ընթացակարգով պէտք է որոշում կայացուէր՝ արդեօք անհնարին է իրենց մասնակցութիւնը տուեալ գործին որոշակի հանգամանքներէն ելլելով, թէ՝ ոչ: Այս առումով, գործընթացը որոշակի առումով կասկածելի եղած է, եւ առնուազն պէտք է պարզել անհնարինութեան հիմքեր եղած են, թէ՝ ոչ, քննարկուած են, թէ՝ ոչ, պէտք է քննարկուին, թէ՝ ոչ»: