Տնտեսական ծանր տագնապը, քաղաքական իրավիճակն ու առողջապահական համակարգի անգթութիւնը արդէն սկսած է կեանքեր խլել Լիբանանի մէջ։
Լիբանանցի բժիշկ՝ Մոհամմէտ Աժամ, (ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ), հարաւային Մաարաքէ գիւղաքաղաքի զաւակ, կիրակի օր իր ինքնաշարժով Պէյրութէն վերադարձի ատեն, մայրուղիին վրայ ենթարկուած է արկածի:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Նահար»ի կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, արկածին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած բժիշկը ներս առնելու համար հիւանդանոցի մարմինները վերջինէս պահանջած են 500.000 լիբանանեան լիրա (այսօրուան հաշուարկով նուազ, քան 50 ԱՄՆ տոլարը)։
Վիրաւորեալ բժիշկը սպասած է, որ իր զաւակը գումարը բերէ գիւղէն, ինչ որ տեւած է 3 ժամ:
Բժիշկը Լիբանանի մէջ եղած բողոքի ալիքին մասնակիցներէն էր: Ան յոյս ունէր, որ Լիբանան ոտքի պիտի կանգնի, կը քարոզէր փտտածութեան դէմ, ջատագովն էր հացի յեղափոխութեան ու իր խօսքերով կը խրախուսէր երիտասարդները:
Ի դէպ, արկածի օրը Պէրութէն կը վերադառնար իր գիւղ, «Ռիատ Ալ սոլհ» հրապարակի ցոյցին մասնակցելէն ետք, ուր ըստ ճակատագրին, ունեցած էր վերջին հանդիպումը ընկերներուն հետ:
Աղբիւրը նշած է, թէ հիւանդանոցը այլ բացատրութիւն տուած է պատահածին: Պէտք եղած քննութիւններն ու նկարները կատարուելէ ետք միայն, պահանջուած է այդ գումարը, եւ հիւանդանոցը տեղեկացուած չէ եղած, որ վիրաւորեալը բժիշկ է: Ըստ հիւանդանոցին, հանգուցեալ բժիշկը սկիզբը մերժած է որեւէ բժշկական օգնութիւն եւ հեռացած, կրկին վերադառնալով, այս անգամ սուր ցաւերով: Քննութիւնները պարզած են, թէ կը տառապի որովայնի շրջանի ներքին արիւնահոսութենէ, ենթարկուած է վիրահատութեան, եւ ժամ մը ետք սրտի կաթուածով մահացած: