«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով, Սուրիոյ մէջ քիչ առաջ զգալի դարձած է երկրաշարժ մը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հալէպէն:
Մեր ունեցած տուեալներու հիման վրայ, Հալէպ քաղաքին, նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ մեծապէս զգալի դարձած է երկրաշարժի ցնցումը:
Մինչեւ այս պահը նիւթական վնասներու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր:
Պիտի շարունակենք հետեւիլ լրահոսին: