image

Փարիզէն ահազանգ. «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանը վտանգի տակ

Փարիզէն  ահազանգ. «Սամուէլ Մուրատեան»  վարժարանը    վտանգի տակ

Օրեր  առաջ  գրած էինք Փարիզի   «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի  յարձակման ենթարկուած  ըլլալուն մասին։ Այդ   առթիւ եւ մօտէն   հետեւելու համար այսօր ստեղծուած    իրավիճակին,  «Արեւելք» կապ հաստատեց  դպրոցի պատասխանատու, Մխիթարեան Միաբանութեան  անդամ Հայր  Յարութիւն  վրդ. Պզտիկեանին:  Վարդապետը ընդառաջելով  մեր  խնդրանքին  ներքոգրեալ  տողերով նկարագրեց     դպրոցին շուրջ  առկայ  իրավիճակը՝ կրկին անգամ ահազանգ հնչեցնելով  ստեղծուած անմխիթար    իրավիճակին     մասին։

 

 

«Նման յարձակումներ,  այս մի քանի տարիներուն, սովորական դարձած   էին սակայն աշակերտներու ներկայութիւնը  եւ  ծնողներու   ներկայութիւն պատճառ  դարձած էին, որ    յանցագործները   մանր վնասներ հասցընելով  գոհանային։ Անցեալ վերամուտին /սեպտ.2018/ հրահանգ ստացայ մեծաւորներէս որ ժամանակաւորապէս դասընթացքները դադրեցնեմ, որպէսզի մօտալուտ շինարարութեան առիթով, աշակերտները չվտանգուին- անակնկալ գրասենեկային քաղաքապետական դժուարութիւններ պատճառ եղան որ աշխատանքներու սկիզբը ուշանայ և ճոխ անտառապատ կալուածը շուտով  «լքուածի կերպար»   ստանայ.   Ու  այդպէս   թաղի բոլոր «օտարատեաց խուլիկաններ»ուն  առիթ տրուեցաւ  որ  յարակից հանրային պարտէզի ցած պարիսպէն ներս ցատկեն և ստիճանաբար  «կործանում»ի  գործողութիւնները սկսին․..

Զգալով իր պատասխանատուութիւնը՝ քաղաքապետարանը առաջարկեց պարիսպը բարձրացնել... բայց /ինչպէս միշտ/ գործադրութիւնը առ այսօր նոյնիսկ չէ սկսած...  եւ  ես տարիէ մը աւելի ստիպուած եմ առանձինս դիմագրաւել  այս  վտանգաւոր  իրավիճակը։ Օգնութեան Դիմումներս ազգային ծանօթ հաստատութիւններուն մերժուեցան:  Մեկնեցայ Հայաստան՝ սփիւռքի յանձնակատարին    աջակցութիւնը  խնդրելու, որմէ ետք  Պրն .Զարեհ Սինանեան սիրով ընդառաջեց և կոչ ուղղեց հանրութեան։ Միաբանութեան պատասխանատուն իր կարգին ամէն ճիգ ըրաւ  փութով  օգնութեան հասնելու... սակայն նման պարագաներուն վանտալները աւելի արագ կը շարժին և մէկ գիշերուայ մէջ իրենց աւերը կը գործեն ... ցաւօք»։