image

Ծանրագոյն արկած Մոսկուայի օդակայանին մէջ. Զոհերուն թիւը հատած է 40-ը (Տեսանիւթ)

Ծանրագոյն արկած   Մոսկուայի   օդակայանին մէջ. Զոհերուն թիւը  հատած է  40-ը (Տեսանիւթ)

  Երէկ  երեկոյեան ծանր  արկած մը գրանցուած է  Մոսկուայի  «Շէրէմէթեւո»  օդակայանին մէջ,  երբ    SS-100  տիպի մարդատար  օդանաւ մը       խանգարում ունեցած է վայրէջք    կատարած  պահուն։

  Օդանաւը  բախած  է գետնին, որուն հետեւանքով ալ    ծագած է հրդեհ   եւ  պատճառ  դարձած 41  անձերու սպաննութեան։

 Ռուսական  աղբիւրներ  կը հաղորդեն,  որ  զոհերուն թիւը  կրնայ   բարձրանալ։

 

  Արկածին       պատճառները  ցարդ  յստակ չեն եւ դէպքին  շուրջ   քննութիւն  բացուած է։

 

 


 

 Նշենք, որ արկածէն  անմիջապէս     ետք    Մոսկուայի    գլխաւոր  օդակայանը   ժամանակաւոր կերպով  դադրեցուած  իր  գործունէութիւնը եւ տասնեակ  թռիչքներ  յետաձգուած են։