Բրիտանական «Daily Mail» թերթը խումբ մը լուսանկարներ հրապարակած է, ուր պատկերուած են Լիբանան ապաստանած այն սուրիացի մանուկները, որոնք կը պարտադրուին աշխատիլ, իրենց ընտանիքներու օրուան հացն ապահովելու նպատակով:
Թերթը դիտել տուած է, որ Լիբանանի մէջ աշխատող երեխաներու թիւը կը հասնի 180 հազարի, որոնք սովորաբար մուրացկանութեամբ, մանր ապրանքներու վաճառքով կամ աղբերը փորփրելով կ'ապահովեն իրենց ապրուստը:
Աղբիւրին տուեալներով, Լիբանանի մէջ աշխատող երեխաներու մեծ մասը սուրիացիներ են, որոնց մեծ մասը օրական 10 ժամէն աւելի կ'աշխատի եւ միջին հաշւով 13,37 տոլար կը շահի: