Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան պատրիարքի ընտրութիւններու առնչութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ նամակ ուղարկած է իրենց թեկնածութիւնն առաջադրելու իրաւունք ունեցող հոգեւորականներուն։
Թուրքիա լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, պատրիարքական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն կրնան առաջարկել այն հոգեւորականները, որոնք ծնած են Թուրքիա կամ որոնց ընտանիքը ծագումով Թուրքիայէն է։ Այս չափանիշին կը համապատասխանեն 11 հոգեւորականներ։
Այդ հաւանական թեկնածուներն են՝ ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Վիգէն արքեպիսկոպոս Հայկազեան, Շիրակի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան, Գուգարաց թեմի հոգեւոր առաջնորդ Սեպուհ
արքեպիսկոպոս Չուլճեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրարքարանէն լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիբեան, Արամ արք. Աթէշեան, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի Հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, Պրազիլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ եպս. Պէրպէրեան, Արարատեան հայրապետական թեմի հոգեւոր առաջնորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան։
Պատրիարքի թեկնածու դառնալու իրաւունք ունի նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան։
Իր նամակով Պէքճեան ցանկացած է պարզել պատրիարքական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութեան վերաբերեալ վերոնշեալ հոգեւոր առաջնորդներու տեսակէտերը։