image

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վաղորդայնը. Կարօ Արմենեան

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վաղորդայնը. Կարօ Արմենեան

2016-ի Նախագահական ընտրութիւնները արմատական տեղաշարժ յառաջացուցին ԱՄՆ-ի քաղաքական  բեմին վրայ բացայայտելով քաղաքական ուժի բոլորովին նոր շերտեր և ծաւալներ և հիմնովին յեղաշրջելով ցարդ գոյութիւն ունեցող ընտրական հաշուարկներու մաթեմատիկան։ Թրամփի յաղթանակը այս նոր իրականութեան պարտաւորեցնող վկայութիւնն է։

Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլարի Քլինթըն, հակառակ հեղինակաւոր հարցախոյզներու նախատեսութեանց, ջախջախիչ պարտութիւն կրեց կաճառային քուէներու ճակատին վրայ հակառակ այն իրողութեան, որ ժողովրդական քուէի առաւելութիւնը իրեն կը պատկանէր։ Ընտրապայքարը Թրամփի և Քլինթընի միջև՝  տեղի ունեցաւ աննախադէպ հակամարտութեան մթնոլորտի մը մէջ և գերազանցօրէն պառակտիչ դրևորումներով։ Խորունկ ճեղքեր բացուած են այսօր երկրի քաղաքական դաշտէն ներս, որոնք իրենց ստոյգ դրոշմը պիտի դնեն յառաջիկայ ամիսներու քաղաքական գործընթացներուն վրայ։ Միաժամանակ փաստ է, որ կողմերը կրցան ի վերջոյ օրինակելի հասունութեամբ մը եզրափակել պայքարը և հնարաւոր չափով երկիրը վերադարձնել իր բնականոն նորմերուն, գէթ որպէս սկիզբ յառաջիկայ շաբաթներու և ամիսներու թէժ բանակցութեանց։

Այժմ սկսած է վերակառուցման դժուարին աշխատանքը, որ պիտի ձևաւորուի անխուսափելի խարխափումներով և քաղաքական առճակատումներով, յատկապէս Քոնկրէսի բեմին վրայ, և ի վերջոյ պիտի յստակացնէ ապագայի օրէնսդրական «ռազմագիծ»ը երկու կուսակցութեանց միջև։ Այսօր աւելի շատ հարցումներն են, զորս կողմերը կը ջանան յստակացնել Նախ. Թրամփի քաղաքական վարքագիծը իրապաշտօրէն բիւրեղացնելու տեսակէտէն։

Նախ. Օպամայի հրաւէրով, Նոյեմբերի 10-ին, տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու առաջին պաշտօնական հանդիպումը Սպիտակ Տան մէջ՝ պատասխանատւոթիւններու փոխանցման բարդ գործընթացին սկիզբը դնելու առաջադրութեամբ։ Իշխանութեան պաշտօնական փոխանցումը տեղի կ՚ունենայ 2017-ի Յունուարի 20-ին։ Մինչ այդ ընթացք պիտի առնէ միջ-նախագահական Փոխանցման Յանձնաժողովի մրջնային աշխատանքը։ ՊԷտք է աւելցնել, որ այսօրուընէ սկսեալ, նորընտիր նախագահը կ՚ըսկսի պաշտօնապէս ստանալ բոլոր այն պետական տեղեկոյթը (յայտնի և գաղտնի), որ տրամադրելի է գործող նախագահին։ Պարզ խօսքով, նորընտիր նախագահը այժմէն իսկ կ՚ըսկսի գործել որպէս «աթոռակից» և հետևաբար երկու նախագահները հաւասարապէս իրազեկ կը պահուին, պետութեան բոլոր օրգաններուն կողմէ, երկրի դիմագրաւած բոլոր խնդիրներէն։

Ընդունուած երևոյթ է, որ փոխանցման շրջանի իրազեկման այս հոլովոյթը, ինքնին, խթան հանդիսանայ, որ նորընտիր նախագահը արագօրէն և լայնօրէն թօթափէ ընտրական շրջանի հատուածական իր կեցուածքները և աւելի խոր ըմբռնումով առընչուի երկրի մարտահրաւէրներուն։ Պարզ խօսքով, գործադիր իշխանութեան պետի իր առաջին իրական մկրտութիւնը այս շրջանին է, որ կ՚ըստանայ ան և յաճախ արտաքին քաղաքականութեան բեմի ցնցիչ բռընկումներով։ 

Իսկ Նախ. Թրամփի պարագային, մեծ է թիւը այդ մարտահրաւէրներուն։ Առաջին հերթին, ան հարկադրուած է վերականգնելու Հանրապետական Կուսակցութեան ներքին միասնականութիւնը։ Այն ընտրազանգուածը, որ վերջերս մուտք գործեց կուսակցութեան ազդեցութեան ծիրէն ներս, լայն չափերով անմշակ և քաղաքական փորձէ զուրկ հասարակական խաւ մըն է, որ Թրամփի մէջ կը տեսնէ իր «փրկիչ»ը, բայց անպայման պատրաստ չէ քաղաքական կեանկի բարդութիւնները դիմագրաւելու։ Նոր Նախագահը խնդիր ունի այս զանգուածի ակնկալութիւնները հաշտեցնելու կուսակցութեան աւանդական զանգուածի և աւանդական ղեկավարութեան օրակարգին հետ։

Նախ. Թրամփի ընտրութեան հետ միաժամանակ տեղի ունեցաւ Քոնկրէսի երկու պալատներու վերագրաւումը Հանրապետականներուն կողմէ։ Այս առումով, Հանրապետականներու ամբողջական տիրապետութիւնն է այսօր երկրի դաշնային ոլորտի թէ՛ օրէնսդիր և թէ՛ գործադիր իշխանութիւններու խաղադաշտերէն ներս. բա՛ն մը՝ որ ինքնին բացառիկ նուէր մըն է Թրամփի վարչակազմին շնորհուած։ Թրամփ կրնայ «անկաշկանդ» գործել և իր օրինագծերով ողողել Քոնկրէսը պայմանաւ, որ ան կարողանայ Քոնկրէսի Հանրապետական ղեկավարութեան և իր միջև ամուր դաշինք մը մէջտեղ բերել։ Եթէ ան յաջողի արագօրէն իրականացնել այս միասնականութիւնը, Դեմոկրատ ընդդիմութիւնը կը մատնուի շատ ծանր վիճակի։ Թրամփ կրնայ գործել մեծ ինքնավստահութեամբ և համարձակօրէն ձեռնարկել իր խոստացած փոփոխութիւններու օրակարգը իրականացնելու գործին և իր կուսակցութեան դիրքերը ամրագրելու 2018-ի Քոնկրէսի ընտրութիւններուն ի նախատեսութիւն։ Այս գործը կ՚ըսկսի յաջորդող օրերուն։

Այս հարցին մէկ ուրիշ երեսը վարչակազմի կազմութեան բարդ խնդիրն է։ Նոր նախագահը մօտ չորհ հազար նշանակումներ ունի կատարելիք։ Երբ Օպամա դադրի գործելէ, իրեն հետ գործելէ կը դադրին մօտ չորս հազար պաշտօնատարներ վարչամեքենայի այլևայլ մակարդակներուն վրայ։ Այս նշանակումներուն մաս կը կազմեն, առաջին հերթին, նախարարական մակարդակի նշանակումները։ Յատկապէս ՊետՔարտուղարի, Անվտանգութեան Պետի, Պաշտպանութեան Քարտուղարի, Գանձային Քարտուղարի, Ազգային Պիւտճէի Կառավարման Գրասենեակի Տնօրէնի, Ընդհանուր Դատախազի, Հայրենիքի Անվտանգութեան Պետի դիրքերը, որոնք իր վարչակազմի կորիզն են ըլլալու։ Թրամփ պէտք է նաև համալրէ Գերագոյն Ատեանը (Սահմանադրական Դատարանի համազօրը), որ ներկայիս մատնուած է փակուղային կացութեան։ Երբ նշանակումներու այս ալիքը հասնի իր լրումին, Հանրապետական Կուսակցութիւնը իր գրեթէ միահեծան ուժը հաստատած կ՚ըլլայ իշխանութեան երեք ոլորտներէն ներս. մտահոգիչ բևեռացու՛մ մը՝ որ յղի է ծանրակշիռ հետևանքներով և որ կոչուած է տեղի տալու մեծ պայքարներու (յառաջիկայ տարիներու կտրուածքով) երկու կուսակցութեանց միջև։

Թրամփ տուած է մեծ խոստումներ ներքին քաղաքականութեան մարզին մէջ, որոնք շուտափոյթ քայլերու կը կարօտին։ Ան նաև պիտի դիմագրաւէ անմիջական սպառնալիքներ  Սուրիոյ և Իրաքի ճակատներուն վրայ։ Այս բոլորը կ՚ենթադրեն տոկուն և փորձառու մարդոցմէ բաղկացած վարչակազմ մը, որ կրնայ անմիջապէս լուծումներ մէջտեղ բերել։ Նախ. Թրամփի վարչակազմը պերճանքը չունի քաղաքական մեղրալուսնի (honeymoon)։ Ան հարկադրուած է գործելու առաջին օրէն սկսած։ 

Արտաքին քաղաքականութեան բեմին վրայ, Թրամփի վարչակազմը պիտի ստիպուի առաջին օրէն իսկ մեղուային դիւանագիտութիւն ծաւալել Ռուսաստանի, Եւրոպայի, Իրանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Արաբական Աշխարհի և Չինաստանի հետ։ Նաև՝ Մեքսիքայի և Քանատայի։ Ո՞վքեր պիտի վարեն այս բազմամակարդակ դիւանագիտութիւնը։ Ներկայիս Հանրապետական Կուսակցութեան ոլորտին մէջ գտնուող փորձառու ուժերը ընդհանրապէս Որդի Պուշի օրով գործած և «նոր պահպանողական» (neocon) պիտակը կրող գործիչներն են, որոնց քաղաքական ուղղութիւնը վաղուց վարկաբեկուած է։ Թրամփի արտաքին քաղաքական վարդապետութիւնը (doctrine, դոկտրինա) ի՞նչ բաղադրիչներով պիտի խմորուի և ովքե՞ր պիտի ըլլան  զայն ձևաւորողները։ Այս հարցումները դեռ պատասխան չունին այսօր և շուտով պէտք է պատասխան ստանան։

Անմիջականօրէն՝ Թրամփ որոշումներ պէտք է առնէ Մուսուլի և Րաքքայի ճակատամարտերու գծով։ Թուրքիոյ, քիւրտերու, Իրանի, Իրաքի և Սուրիոյ իշխանութեանց, Ռուսաստանի, Արաբական Թերակղզիի երկիրներու, Իսրայէլի և նոյնիսկ Չինաստանի շահերէն բխող հակասական գործօնները հաւասարակշռելու և անսաստող ուժերը (ինչպէս Թուրքիան) զսպելու կենսական խնդիրները անյետաձգելի են։ Ի՞նչ զէնքերով  և ի՞նչ գործիքներով՝ Թրամփի վարչակազմը պիտի կարգաւորէ ռազմավարական այս բարդ թնճուկը։

Վերջապէս՝ հայկական հարցերու առընչութեամբ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Թրամփի քաղաքականութիւնը։ Թրամփ առևտրական և ֆինանսական խորունկ կապեր ունեցած է և ունի թէ՛ Թուրքիոյ և թէ՛ Ազրպէյճանի հետ։ Կարելի չէ անտեսել այս իրողութիւնը։ Այնուամենայնիւ, այս կէտին վրայ, գոյութիւն ունին Թրամփի և իր խումբի աւելի մեծ շահերը, կապուած՝ ԱՄՆ-ի մեծապետական առաւելութիւններուն, որոնք կրնան դիւրաւ բախիլ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի շրջանային հաշիւներուն։ Դաշտը յղի է անակնկալներով և մեր խնդիրն է աչալրջօրէն հետևիլ յառաջիկայ ամիսներու գործընթացներուն և առնել անհրաժեշտ քայլերը Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի սադրանքները յաջողապէս դիմագրաւելու համար։


 

Կարօ Արմենեան

Նոյեմբեր 10, 2016

Ուաշինկթըն