Նոր Գիւղի մէջ հրթիռակոծուեցաւ Սիս ազգապատկան համալիրի 3-րդ շէնքի յետնամասը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրթիռարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է Լետա Կիւլիւզեանը եւ տեղափոխուած Ալ-Րազի հիւանդանոց: Փուլ եկած են նաեւ շէնքին կարգ մը պատշգամբները։ Հայ վիրաւորի վիճակը կայուն է։
Նշենք, որ Սուլէյմանիյէի մէջ Թեթէն պենզինակայանին դիմաց նոյնպէս բնակարանի մը տանիքը ինկած հրթիռի մը պայթիւնէն հրդեհ յառաջացած էր, ինչի հետեւանքով Սուլէյմանիյէյի եւ Վիլլաներու շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական վարժարաններու աշակերտները ներքնասրահներ տեղափոխուած են: