image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ զոհուած է Ռաֆֆի Պչաքճեանը

Հալէպի մէջ զոհուած է Ռաֆֆի Պչաքճեանը

Այս առաւօտ Հալէպի մէջ զոհուած է Ռաֆֆի Պչաքճեանը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ Ռաֆֆի Պչաքճեան զոհուած է Հալէպի ճեմարանի (ՔԵԱՃ) փակին մէջ ինկած հրասանդին հետեւանքով: Հանգուցեալը անդամ էր ՀՅ Դաշնակցութեան: Նշենք նաեւ, որ անոր եղբայրը Յովսէփ Պչաքճեան անցեալ տարի նոյնպէս զոհուած էր հրասանդի մը պայթումի հետեւանքով: