Երէկ Նոր Գիւղի մէջ զոհուած չորս հայորդները գտնուած են Լեւոն Քէլխաչէրեանի խանութին մէջ: Լեւոն Քէլխաչերեանի կողքին զոհուած են Վազգէն Ճապաղջուրեանը, Յովսէփ Ջանէցեանն ու Խաչիկ Ապուլապութեանը: Նշենք որ Քէլխաչերեան Հալէպի ՀՄՄ-ի երկար տարիներու անդամ էր: Ան «Ուրուպէ» Մարզական Միութեան կազմին հետ մասնակցած է Սուրիոյ ախոյանական մրցաշարքերուն։ Եղած է Կիլիկեանի շրջանաւարտ եւ ՀՄՄ-ի սկաուտական «Պատուոյ Առաջին» ֆութպոլի կազմի փայլուն խաղցողներէն: