image

Զոհուած է Գալիլիոյ դիմադրութեան խորհրդանիշ՝ Շէյխ Սլէյման Հազալինը

Զոհուած է Գալիլիոյ դիմադրութեան խորհրդանիշ՝  Շէյխ  Սլէյման Հազալինը

Այսօր՝ Երկուշաբթի առաւօտեան, Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց Շէյխ Սլէյման Հազալինի մահուան մասին, առ ի հետեւանք ծանր վնասուածքի, որ ան ստացած էր Խալիլի հարաւային շրջանին մէջ, հրէական ուժերուն պատկանող ինքնաշարժի մը կողմէ վրաերթի ենթարկուելու պատճառով:

Շէյխ Սլէյման Հազալինը եղած է ժողովրդական դիմադրութեան խորհրդանիշներէն:

Յիշեցնենք, որ տարեց շէյխ Հազալինը Յունուար 5-ին հրէական ոստիկանութեան ինքնաշարժին կողմէ վրաերթի ենթարկուելու հետեւանքով հարուած ստացած էր գլուխէն, կրծքաւանդակէն, որովայնէն ու կոնքէն եւ բուժման նպատակով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր մահացած է այսօր:

80-ամեայ շէյխ Հազալինը պաղեստինեան դիմադրութեան «խորհրդանիշ» է, որ կը հակադարձէր իսրայէլեան ծրագրերուն, որոնց նպատակն է վտարել Հազալինի «Ում ալ Խէյր» քաղաքի բնակիչները, որ կը գտնուի բռնագրաւուած Արեւմտեան ափի ծայրագոյն հարաւը:

Ամէն քանդումի կամ ներխուժման ժամանակ Շէյխը կը բռնէր իր փայտէ գաւազանը, որու վրայ կը յենէր եւ կը կանգնէր զինուած զինուորներուն առջեւ ու դէմ կը դնէր անոնց անարդարութեան ու պաշարման: