«Այսօրուան գործողութիւնը նոր էջ բացած է բռնագրաւողներու դէմ դիմադրութեան եւ զինուած գործողութիւններու տարեգրութեան մէջ»:
Ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասէր Քանանի։
Ան շնորհաւորած է Պաղեստինի ժողովուրդը եւ դիմադրութեան բոլոր խումբերն ու հոսանքները՝ «Ալ Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան կապակցութեամբ, յայտնած է ISNA իրանական լրատուամիջոցը։
«Այս գործողութիւնը ցոյց տուաւ, որ Պաղեստինեան դիմադրութեան շարժումը շատ մեծ ինքնավստահութիւն ունի բռնագրաւողներուն դէմ համակցուած եւ բազմաչափ գործողութիւններ իրականացնելու համար եւ այս գործողութեան մէջ օգտագործեցին անակնկալ տարրեր եւ այլ համակցուած մեթոտներ, որոնք ցոյց կու տան Պաղեստինի ժողովուրդի վստահութիւնն ընդդէմ բռնագրաւողներուն։
Մենք յոյսով ենք, որ դիմադրութեան շարժումը կրնայ աւելի շատ յաղթանակներու հասնիլ Պաղեստինի ազատագրման եւ Պաղեստինի ժողովուրդի նկրտումներու իրականացման ճանապարհին»,- նշած է ան։