image

Զօր. Ասրեան հանդիպած է ամերիկեան բանակի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ

Զօր. Ասրեան հանդիպած է ամերիկեան բանակի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ

Նահանգային գործընկերութեան ծրագրի 30-ամեակի կապակցութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կայացած համաժողովի շրջածիրէն ներս ՀՀ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը կարճատեւ առանձնազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու միաւորուած շտաբներու պետերու նախագահ, զօրավար ՄարՔ Միլլիի հետ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծուած է Քանզասի հետ նահանգային գործընկերութեան ծրագրի կարեւորութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներու գտնուող ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը Յուլիս 17-18-ին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային պաշտպանութեան նահանգային համագործակցութեան ծրագրի 30-ամեակին նուիրուած համաժողովին:

Միջոցառման ընթացքին, Ասրեան հանդիպումներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային պաշտպանութեան բիւրոյի պետ, զօրավար Տանիէլ Հոքանսընի, Միացեալ ՆահանգներուԵւրոպական հրամանատարութեան ռազմավարութեան, ծրագրաւորման եւ քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն, զօրավար-մայոր Տանիէլ Լասիքայի եւ Քանզաս նահանգի ատյութանթ զօրավար, Ազգային պաշտպանութեան հրամանատար, զօրագունդի զօրավար Մայքըլ Վեներտիի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են նահանգային գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստան-Քանզաս համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ զարգացման հեռանկարները, Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։

Նոյն ծիրէն ներս զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Կիորկալասի եւ Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Տիմոքրիթոս Զերվաքիսի հետ։ Քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։