Ոմանք մտավախութիւն ունին, որ այս սենարները կը տանին սպառազինութեան եւ կ'առաջնորդեն քաղաքացիական պատերազմի վերադարձին:
Որպէսզի պատմութիւնը չկրկնուի, Լիբանանցին պարտաւոր են խուսափիլ 1975-ի սխալներէն, եւ երկրի անվտանգութեան խնդիրը բացառապէս վստահին Լիբանանի օրինական բանակին։
Ի վերջոյ միայն պետութիւնն ու պետական համարգն է, որ Լիբանանը կրնայ դուրս բերել այս դժուարին եւ վտանգներով լեցուն ժամանակներէն։
Երբ Թաէֆի համաձայնագիրը դարձաւ տէ ֆաքթօ իրականութիւն, շատ լիբանանցիներ չկարողացան հասկնալ զայն, շատերը կը յուսային, որ միայն լիբանանեան օրինական ազգային զինուած ուժերը պիտի կառավարէին երկիրը, սակայն գեռակշիր ուժը հանդիսացաւ սուրիական բանակը։
Հիասթափութիւնը խորացաւ, եւ պաղեստինցիները մնացին զինուած ճամբարներուն մէջ:
Շատ լիբանանցիներ արտայայտեցին իրենց ցասումը, որ համաձայնագրի զինաթափումը չներառեց լիբանանեան բոլոր կողմերը , եւ թոյլ տրուեցաւ, որ «Հըզպալլա»ն դառնայ ռազմական երեւելի ուժ, անշուշտ պատրուակ ունենալով Իսրայէլի դէմ զինեալ պայքար տանելու իրաւասութիւնը։
Քրիստոնեաները խորապէս վրդովեցան , զօրավար Աուն, աքսորուեցաւ, «Լիբանանեան ուժեր» կազմակերպութիւնը յանձնեց իր բոլոր զէնքերը, եւ իր առաջնորդը՝ տօքթ. Սամիր Ժաաժա բանտարկուեցաւ, եւ սկսաւ «քրիստոնէական բարոյազրկում»-ի դարաշրջանը:
Սիւննիները ունեցան քաղաքական ազդեցիկ ներկայութիւն, շնորհիւ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, որ իր կարգին ունէր միջազգային աջակցութիւն։
Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ նոյն Հարիրին , ունէր միայն ձեւական ազդեցութիւն եւ անոր կը թոյլատրուէր ունենալ տնտեսական առաջնորդի դեր. իսկ երկրի ռազմավարական, քաղաքական եւ ռազմական որոշումները կ'առնուէին Իրանի, Սուրիոյ եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ։
2005 թուականին, Հարիրի սպաննուեցաւ, եւ պայթեցաւ ժողովրդային պոռթկում, որուն իբրեւ հետեւանք սուրիական ուժերը լքեցին Լիբանանը (Իսրայէլը հեռացած էր 2000 թուականին)։ Այդ ժամանակ նաեւ յստակ կը դառնար , որ եկած պահը, երբ լիբանանցիներ վերջնականապէս փակէին 1975 թուականին սկսած Քաղաքացիական պատերազմի դարաշրջանը եւ վերադառնային պետութիւնը կերտելու՝ պետականաշինութեան գործընթացին։
Այս բոլորէն բացի, յայտնի դարձաւ, որ «Հըզպալլա» պատրաստ չէ, ոչ մէկ զիջումի եւ անոր առաջնորդները յամառ դիրքերէ ելլելով յայտարարեցին, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը կը գտնուի իրենց զինուած ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ:
Այս բոլորի լոյսին ներքոյ աւելի քան պարզ է, որ սկսած այդ օրերէն լիբանանեան կարգ մը կողմեր զիջումներ կատարեցին «Հըզպալլա»ին առջեւ եւ այդ մէկը ըրին պարզապէս խուսափելու համար քաղաքացիական նոր պատերազմի անցնելու մեծ վտանգներէն։ Ոմանք նոյնիսկ արդարացուցին արդարացուցին ապօրինի զէնքը եւ իւրաքանչիւր կառավարութիւն իր «կառավարական յայտարարագրին» մէջ ապօրինի զէնքը համարեց օրինական դիմադրութիւն:
Որպէս արդիւնք, երկրի պետական հաստատութիւնները դարձան կիսագործուն, պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պետութեան վերահսկողութիւնէն դուրս եկաւ, օտարերկրեայ ներդրողները ռիսքէն հեռու մնալու դադրեցուցին իրենց ներդրումները եւ Լիբանանը մտաւ անորոշութեան վտանգաւոր ժամանակաշրջան։
Լիբանանի դրամատուները սնանկացան, փտածութեան պատճառով։ Ոմանք կը պնդեն, որ «Հըզպալլա»ն պէտք չէ մեղադրուի փտածութեան մէջ, մինչ շատ մը կողմեր հակառակորդներ ներքաշուեցան փտածութեան մէջ։
Այնուամենայնիւ Լիբանանի մէջ այսօր առկայ տնտեսական տագնապին մէջ, եթէ նոյնիսկ մեծ դերակատարութիւն մը չունի «Հըզպալլա»ն, ապա աւելի քան յստակ է, որ այդ կազմակերպութեան տնտեսական ծրագիրները ամբողջապէս ձախողած են։
Զինուած ուժերու աշխատավարձերը կտրուկ նուազեցան, ինչ որ ազդեց ներքին անվտանգութեան ուժերու արդիւնաւէտութեան վրայ եւ աղքատութիւնը յանգեցուց քաղաքացիական ոճիրիներու թիւի կտրուկ աճին։
Այս բոլորի լոյսին ներքոյ քաղաքացիները իրենց զայրոյթը արտայայտեցին դրամատուներու շրջափակման փորձերով։Կ'ըսուի նաեւ,որ Պէյրութի Էշրաֆիէի շրջանի դրամատուներու «լորտ»երէն մէկուն մարտական մեքենայ պէտք եղած է իր դրամատուները պաշտպանելու համար, ուստի ան ֆինանսաւորած է կազմակերպութիւն մը, որ ինքզինք կ’անուանէ «Տիրոջ զինուորներ»: Հաւանաբար այս շարժումը այսպէս սկսաւ եւ հետագային հետզհետէ վերածուեցաւ աւելի գաղափարախօսական շարժման, այժմ այն զգացական կազմակերպութիւն կը թուի, եւ շատերը, զայն կը նկարագրեն որպէս ինքնաբուխ շարժում, պարզապէս «անմեղ» նախաձեռնութիւն տարածքի երիտասարդ բնակիչներուն կողմէն, որոնք կը պաշտպանեն իրենց թաղամասերը։
Ներկայիս, անոնք երբեմն բաւականին ծայրայեղ կը թուին իրենց արտայայտութիւններով, երբեմն ալ՝ արմատական, իրենց կրօնական համոզումները պարտադրելով եւ ծայրայեղութեան տպաւորութիւն կը ձգեն։
Այժմ մենք կը տեսնենք բացասական ալիք այս շարժման նկատմամբ, քաղաքական շատ գործիչներ փորձեցին դատապարտել զայն բնութագրելով, որպէս քրիստոնէական որոշ տարածքներու վրայ սեփական կամքը պարտադրելու երեւոյթ։
Իր կարգին խորհրդարանի անդամ Փօլա Եագուպեան մեղադրեց շարժումը, որպէս իշխող դասի ուժ՝ քաղաքացիական հասարակութեան շարժումը ճնշելու համար, այլ քաղաքական գործիչներ կոչ ըրին փնտռելու խնդրի արմատները «Հըզպալլա»ի զինեալ ուժի ներկայութեան մէջ, որ երկաթեայ բռունցքով կը գերիշխէ շիիթ շրջաններուն մէջ։,
«Հըզպալլա»ի բացորոշ ժխտական դերը եւ մանաւանդ տարբեր առիթներով անոր կողմնակիցներուն շարասիւններուն դէպի քրիստոնէական շրջաններ «արշաւանքները» ցոյց կու տան, թէ ինչքան մեծ է վրդովմունքը «Հըզպաալլա»ին հանդէպ, որուն իբրեւ բնական հետեւանք մարդիկ սկսած են իրադրութիւնը հաւասակշռող ուժի մը ներկայութեան կարիքը զգալ։ Ու ներկայ փուլին, աւելի քան յստակ է, որ քրիստոնէական սլոկաններով մէջտեղ եկած այդ շարժումը նպատակ ունի ապահովել քրիստոնէական շրջաններու անվտանգութիւնը։
Ոմանք մտավախութիւն ունին, որ այս սենարները կը տանին սպառազինութեան եւ կ'առաջնորդեն քաղաքացիական պատերազմի վերադարձին:
Որպէսզի պատմութիւնը չկրկնուի, Լիբանանցին պարտաւոր են խուսափիլ 1975-ի սխալներէն, եւ երկրի անվտանգութեան խնդիրը բացառապէս վստահին Լիբանանի օրինական բանակին։
Ի վերջոյ միայն պետութիւնն ու պետական համարգն է, որ Լիբանանը կրնայ դուրս բերել այս դժուարին եւ վտանգներով լեցուն ժամանակներէն։
Պետրոս Մանուկեան