Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը գիշերն ամերիկեան ATACMS պալիսթիք հրթիռներով գրոհած են Ռուսիոյ Պրեանսքի մարզը, հաստատած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ մանրամասնելով, որ հրթիռներէն 5-ը խոցուած է Փանցիր համալիրի կողմէ, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Այս գիշեր ժամը 03:25-ին հակառակորդը վեց պալիսթիք հրթիռներով հարուածած է Պրեանսքի մարզին մէջ գտնուող կառոյցը: Ըստ հաստատուած տուեալներու՝ կիրառուած են ամերիկեան արտադրութեան ATACMS մարտավարական հրթիռներ: Հակահրթիռային մարտի հետեւանքով С 400 ՀՕՊ համակարգի եւ «Փանցիր» ՀՕՊ հրթիռային համակարգերու մարտական անձնակազմերը խոցած են 5 հրթիռ եւ վնասած 1-ը»,- յայտնած է Ռուսոյ ՊՆ-ն:
ATACMS-ի բեկորներն ինկած են Պրեանսքի մարզի ռազմական կառոյցներէն մէկու տեխնիկական տարածքին մէջ, հրդեհ բռնկած է։