image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքին գլխաւոր հերո՞ս. TIME-ը իր ճակատը յատկացուցած է անոր լուսանկարին

Զելենսքին գլխաւոր հերո՞ս. TIME-ը  իր ճակատը յատկացուցած է անոր լուսանկարին

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին դարձած է 2022 թուականի ամենաազդեցիկ մարդը, ըստ Time ամսագրի ընթերցողներուն:

«Երբ Փետրուարին ռուսական զօրքերը լայնամասշտաբ ներխուժում կատարեցին Ուքրանիա, Զելենսքին, որ քաղաքական փորձ չունեցող կատակերգու դերասան էր մինչ 2019 թուականին Ուքրանիոյ նախագահ ընտրուիլը, դուրս եկաւ համաշխարհային ասպարէզ եւ համախմբեց առաջնորդները` աջակցելու Ուքրանիոյ»:

Զելենսքին հաւաքած է աւելի քան 3,3 միլիոն ձայն եւ զբաղեցուցած է ամենաազդեցիկ մարդոց առաջին տեղը` հաւաքելով ձայներուն 5 տոկոսը:

 

Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Tesla-ի եւ SpaceX-ի գործադիր տնօրէն Իլոն Մասքը` ձայներու 3,5%-ով: Երրորդ տեղը՝ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը` հաւաքելով ձայներուն 3,4%-ը:

2022-ի «Time100» ցուցակը պիտի հրապարակուի Մայիս 23-ին: