image

Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը (ԶՊՄԿ) խոշոր հարկատուներու ցուցակի առաջատար

Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը (ԶՊՄԿ) խոշոր հարկատուներու ցուցակի առաջատար

Պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակած է 2023-ի յունուար-յունիս ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատւութիւն, որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի խոշոր հարկատուներու ցանկը տարիներ շարունակ գլխաւորող Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը կրկին առաջինն է: Որոշ ժամանակաշրջան ընկերութիւնը իր տեղը զիջած էր  «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութեան, այսօր սակայն կրկին կը գլխաւորէ Հայաստանի 1000 խոշոր հարկատուներու ցանկը: 

1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ 2023-ի յունուար-յունիս ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ, ընդհանուր առմամբ, վճարուած է աւելի քան 874 միլիառ 522 միլիոն դրամ:

 

Հարկային մարմին կատարուած վճարումներու գումարը կազմած է աւելի քան 668 միլիառ 245 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներու գումարը՝ շուրջ 206 միլիառ 277 միլիոն դրամ։

 

Ցանկի առաջին տասնեակն ունի այսպիսի տեսք.

 

1.«Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ (ընկերութիւն)»

 

2. «Կազփրոմ Արմենիա»

 

3. «Կրանտ թոպաքօ»

 

4. Ամերիա դրամատուն

 

5. Արտշին դրամատուն

 

6. «Մոպայլ Սենթր Արթ»

 

7. «Փրիթի Ուէյ»

 

8. «Սի Փի Էս Էներճի Կրուփ»

 

9. «Ինթերնէյշինլ Մասիս Թապաք»

 

10. «Ճէյ Թի Այ Արմենիա»

 

Յայտարարութիւն՝ ատրպէյճանական պահանջներուն դէմ

Նշենք, որ Հայաստանի խոշոր հարկատուն միացած է Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան յայտարարութեան, որով միութիւնը պատասխանած է ատրպէյճանական հասարակական կազմակերպութիւններու (ՀԿ) Հայաստանի կառավարութեան ուղղած պահանջին: Ինչպէս յայտնի է՝ ատրպէյճանական շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ դիմած են ՀՀ կառավարութեան՝ պահանջելով փակել հայաստանեան հանքարդիւնաբերական ծրագիրները։ Այդ առիթով Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան  յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. 

«Չենք պատրաստուիր ատրպէյճանական ակնյայտ քաղաքական սադրանքի բովանդակային դատարկութեան որեւէ կերպ անդրադառնալ։ Բաւական է նշել, որ նամակի հեղինակները ոչ միայն աղերս չունին մասնագիտական որեւէ գիտելիքի հետ, այլեւ չեն տիրապետեր տարածաշրջանի աշխարհագրութեան, պարբերաբար մէջբերելով ինչ որ տեղանուններ, որոնք Հայաստանի մէջ պարզապէս չկան, օրինակ՝ Գաֆան, Գեյչա եւ այլն։ 

Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի տնտեսութեան հիմքերու խաթարման դէմ այս արշաւը պատահականութիւն չի կրնար ըլլալ, հարկ կը համարենք ի լուր Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս բոլոր շահագրգիռ կողմերու քանի մը հանգամանք շեշտել։

Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ոլորտն ունի հարիւրամեակներու պատմութիւն։ Հայաստան հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի անվիճելի առաջատարն է Հարաւային Կովկասի, իսկ վերջին տասնամեակին ոլորտի արդիականացումը, ժամանակակից հանքարդիւնաբերական չափանիշներու ներմուծումը առաւել քան ակնյայտ է։

Հայաստանի պետական մարմիններուն կոչ կ'ընենք զգօն ըլլալու երկրի ներսը, երկրէն դուրս, իրաւական հարթութեան վրայ միջազգային օրէնքներու կամայական մեկնաբանութեան, Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման, ընդլայնման եւ հզօրացման դէմ ատրպէյճանական տարբեր սադրանքները դիմակայելու առումով։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան կառուցողական գործակցութեան կոչ կ'ընենք՝ կայուն զարգացման ոլորտին մէջ իրական ձեռքբերումներու հասնելու եւ տարածաշրջանի բնապահպանական իրական խնդիրները, անոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած, վեր հանելու նպատակով։

Հայաստանի մէկ շունչին հասնող համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) վերջին տարուան ընթացքին գերազանցած է Ատրպէյճանի ցուցանիշը, իսկ տնտեսական աճը ոչ միայն այսօր, այլեւ բոլոր կանխատեսումներով առաջիկային զգալիօրէն պիտի գերազանցէ Ատրպէյճանը։ 

Սա է այն պատճառն ու բացատրութիւնը, թէ ինչու Ատրպէյճանի մէջ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող «հասարակական կազմակերպութիւնները» թիրախաւորած են Հայաստանի տնտեսութեան ամենակենսունակ ճիւղը։

Հետեւաբար, ի հեճուկս ասոր կը յայտնենք.

Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը պիտի շարունակէ զարգանալ՝ ապահովելով միջազգային լաւագոյն փորձի, ոլորտի լաւագոյն նորարարութիւններու ներմուծումը Հայաստան՝ յանուն անվտանգ, կանաչ եւ կայուն զարգացող տարածաշրջանի, որ անհնար է առանց պատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան»։