image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն մէջ երբեք չէ խօսուած. Լաւրով

«Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն մէջ երբեք չէ խօսուած. Լաւրով

Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շրջածիրէն ներս «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին երբեք չէ խօսուած։ Այս մասին, յունուար 18-ին, 2023-ի ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«2020-ի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ պիտի ապաշրջափակուին բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերը, եւ որ Հայաստանը պիտի երաշխաւորէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրային հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, իսկ վերահսկողութիւնը պիտի իրականացնեն Ռուիոյ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»,-ըսած է Լաւրով։

Լաւրով նաեւ անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ Հայաստանը պատրաստ է Նախիջեւանի հետ կապուելու համար Ատրպէյճանին ճանապարհ տրամադրելու նոյն պայմաններով, ինչ Իրանը․ ««Անկեղծ ըսած, այստեղ ոչ մէկ տրամաբանութիւն կը տեսնում։ Տեղին չէ համեմատել այդ երթուղիները»,- նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։