image

Յոյս ունինք, որ ռուսական կողմը աւելի մեծ ջանքեր գործադրէ հայ ռազմագերիները եւ պատանդուած անձերը վերադարձնելու. Միրզոյեան

Յոյս ունինք, որ ռուսական կողմը աւելի մեծ ջանքեր գործադրէ հայ ռազմագերիները եւ պատանդուած անձերը վերադարձնելու. Միրզոյեան

Հայաստանը կը շարունակէ հաւատալ, որ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը ի վիճակի է վերականգնելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ հաստատուած սթաթուս քօ-ն, Մարտի 23-ի դրութեամբ առկայ իրավիճակը, որ խախտուած էր Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ` Մարտ 24-ին Փառուխ գիւղ ներխուժմամբ:

 

ՀՀ եւ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւոր փաստաթուղթին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցերուն, Երեւանի մէջ Սերգէյ Լաւրովի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին յայտնեց Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«Ես վերահաստատել եմ ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ առանցքային է ԼՂ հակամարտութեան հասցէագրումը, որը կը ներառի Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքների ապահովման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերջնական որոշման առանցքային կէտերը», յայտարարեց Արարատ Միրզոյեանը:

Ան նշեց, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքները մշակուած են ԵԱՀԿ Մինքսի խումբի համանախագահութեան կողմէ եւ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է աշխուժացնելու այս ձեւաչափի գործունէութիւնը:

Միրզոյեան ըսաւ, որ Հայաստանը կը շարունակէ հաւատալ, որ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը ի վիճակի է վերականգնելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ հաստատուած սթաթուս քօ-ն, Մարտի 23-ի դրութեամբ առկայ իրավիճակը, որ խախտուած էր Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ` Մարտ 24-ին Փառուխ գիւղ ներխուժմամբ:

Արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ նաեւ, թէ յոյս ունին, որ ռուսական կողմը աւելի մեծ ջանքեր կը գործադրէ հայ ռազմագերիները եւ միւս պահուող անձերը վերադարձնելու ուղղութեամբ: