image

Ըստ Սաղաթէլեանի մէկ շաբթուան մէջ ոստիկանութեան տրուած է 3 միլիառ դրամ պարգեւավճար

Ըստ Սաղաթէլեանի  մէկ շաբթուան մէջ ոստիկանութեան տրուած  է 3  միլիառ  դրամ պարգեւավճար

«Մէկ շաբաթուայ մէջ, մօտ 3 միլիառ դրամ` շուրջ 6, 5 միլիոն տոլար, Նիկոլը ոստիկանութեանը պարգեւատրել է այս ապօրինութիւնները գործելու համար»: Այս մասին երէկ` Մայիս 18–ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Մայիսի 16-ին ոստիկանութիւնը ստացել է 2 միլիառ 180 միլիոն դրամ պարգեւավճար: Պաշտօնական թիւ եմ ասում` մօտ 5 միլիոն տոլար, ոստիկանութիւնը Նիկոլի կողմից ստացել է պարգեւավճար: Աւելին` Մայիսի 11-ին եւս ոստիկանութիւնը 700 միլիոն դրամ պարգեւավճար է ստացել: Մէկ շաբաթուայ մէջ, մօտ 3 միլիառ դրամ` շուրջ 6, 5 միլիոն տոլար, Նիկոլը ոստիկանութեանը պարգեւատրել է այս ապօրինութիւնները գործելու համար», նշեց Իշխան Սաղաթէլեանը: