image

Ըստ Պայտընի Իրանը հարուածելու ընտրանք չէ բացառուած

Ըստ Պայտընի Իրանը հարուածելու ընտրանք չէ բացառուած

Միացեալ Նահանգները կրնայ ուժ կիրառել Իրանի դէմ որպէս «վերջին միջոց», եթէ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները ձախողին: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի 12-րդ ալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

«Որպէս վերջին միջոց՝ այո՛»,- ըսած է ԱՄՆ նախագահը Իրանի միջուկային զէնք ձեռք բերելը կանխելու համար ուժի կիրառման հնարաւորութեան մասին՝ լրագրողի հարցին ի պատասխան։

Ան նաեւ հաստատած է, որ ԱՄՆ-ը մտադիր է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զորախումբը պահել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը խաթարէ գործարքը։