Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերաբերեալ յուշագիրը կը փաստարկէ որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդն ունի առնուազն ներքին ինքնորոշման իրաւունք, եւ որ ընթացիկ բանակցութիւնները պէտք է ապահովեն այդ իրաւունքի իմաստալից եւ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը։
«Վաշինգտոնում գտնուող հանրայայտ Public International Law and Policy Group (PILPG) խորհրդատուական ընկերութիւնը, որը մասնագիտացած է խաղաղ բանակցութիւններում ներգրաւուած կողմերին իրաւաբանական օգնութիւն տրամադրելու, որը եւ աւելի քան երկու տասնեակ խաղաղութեան բանակցութիւններին ողջ աշխարհում իրաւաբանական աջակցութեան փորձ ունի, անցեալ շաբաթ, հրապարակել է յուշագիր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնների վերաբերեալ՝ կեդրոնանալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վրայ:
Յուշագիրը փաստարկում է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդն ունի առնուազն ներքին ինքնորոշման իրաւունք, եւ որ ընթացիկ բանակցութիւնները պէտք է ապահովեն այդ իրաւունքի իմաստալից եւ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը: Որպէս այդպիսին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդային ժամանակաշրջանի ինքնավար կարգավիճակը պէտք է յենանիշ ծառայի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ապագայ ճակատագրի եւ կարգավիճակի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ քննարկումներում»,- գրած է Օսկանեան: