image

Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարին, Պրիւքսէլիմէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի կայանայ

Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարին, Պրիւքսէլիմէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի կայանայ

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը զգալի առաջընթաց արձանագրած են բանակցութիւններուն մէջ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքի խօսնակ Նետ Փրայսը՝ չորեքշաբթի օր ճեպազրոյցին փոխանցելով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կարծիքը, որ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ շաբաթ օր նախաձեռնած էր երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւնները:

«Սա կողմերու ներգրաւուածութեան արդիւնքն է: Սա Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմ ներգրաւուածութեան, Միացեալ Նահանգներու հետ եռակողմ ներգրաւուածութեան արդիւնք է, նաեւ աշխատանքի, որ Եւրոպական միութիւնն ըրած է իր դիւանագիտական ջանքերով, եւ ինչը մենք յոյս ունինք տեսնելու, երբ կողմերն առաջիկայ օրերուն հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ՝ ԵՄ նախագահ Միշէլի հիւրընկալած բանակցութիւններուն», - ըսած է Փրայսը:

«Այսպիսով, մենք յոյս ունինք տեսնելու այդ առաջընթացի շարունակութիւնը։ Մենք չափէն դուրս լաւատես չենք, բայց ամէն կերպ կը շարունակենք աջակցիլ այս երկխօսութեան, այս դիւանագիտութեան՝ համապարփակ լուծման հասնելու համար», - յայտարարած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի խօսնակը: