image

Ընտանիքի կողքին. Արէն Տէյիրմենճեանի խօսքը

Ընտանիքի կողքին. Արէն Տէյիրմենճեանի խօսքը

Ամիսներ առաջ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն հրատապ աջակցութեան կարիք ունեցող սուրիահայ ընտանիքի մը համար խնդրանք ստացանք։ Պատանդ մնալով Ինտոնեզիոյ մէջ ընտանիքը մուտքի արտօնագիրներու երթեւեկութեան խայտառակ դէպքի զոհ դարձած էր եւ մնացած արգելափակուած։ Փարամուսի մեր գրասենեակի հետ խորհրդակցելէ յետոյ որոշեցինք միջամտել եւ օգնութեան ձեռք տալ այս մարդոց։

Երբ ժամանեցին Երեւան, մեր կառոյցներէն մէկուն մէջ ընտանիքին կացարան տրամադրուեցաւ։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA-ԱՀԱԸ) աշխատակազմը շաբաթներ շարունակ հոգ տարաւ անոնց տարբեր կարիքներուն մասին եւ, ի վերջոյ, ընտանիքի մայրն աշխատանքի անցաւ մեր Աւետիսեան դպրոցը։ Երեխաները նոյնպէս սեպտեմբերին պիտի սկսին ուսումնառել այնտեղ։ Կիրակի օրերուն ընտանիքը կը յաճախէ Բաղրամեան 18 հասցէ իրականացուող եկեղեցական ծառայութիւններուն՝ աստիճանաբար դառնալով վստահութիւն ներշնչող համայնքի մէկ մասը։ 

Այս ամիս նշելով Ընտանիքի օրը՝ մենք ուրախութիւն կ'ապրինք նման պատմութիւններու համար՝ որպէս AMAA-ի ազդեցիկ առաքելութեան իսկութիւնը։

Մինչդեռ, նաեւ զգօն ենք հասկնալու, որ շատերը դեռ կարիքի մէջ են։ 

Արցախի ճակատագիրն իր վճռորոշ փուլերը կը թեւակոխէ, ու թէեւ մենք ամուր կառչած ենք յոյին, քաջ կը գիտակցինք այն վտանգներուն, որոնց կ'առերեսուի իւրաքանչիւր ընտանիք՝ անկախ երթալու կամ  մնալու իր որոշումէն։ 

Ինչ ալ ընենք յաջորդիւ, կարեւոր է մեր անձերն ու ծրագիրները կառուցել միասնականութեան շուրջ՝ կեդրոնին ունենալով ընտանիքը։

Շնորհակալ ենք՝ մեզի այդ վիթխարի պատասխանատուութիւնը վստահելու համար։

 

Երախտագիտութեամբ՝

ԱրԷն Տէյիրմէնճեան
AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն