image

Ըննդիմադիր գործիչ Նարեկ Մանթաշեան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

Ըննդիմադիր գործիչ Նարեկ Մանթաշեան  պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

ՀՀ Վերաքննիչ քրէական դատարանը այսօր՝ Յունուար 14-ին, մերժեց «Այլընտրանք» ՀԿ-ի ղեկավար, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Նարեկ Մանթաշեանի խափանման միջոցը փոխելու մասին պաշտպանի վերաքննիչ բողոքը։

Յիշեցնենք, որ Նարեկ Մանթաշեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 225-րդ յօդուածի 1-ին եւ 2-րդ մասերով՝ այն է զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելը եւ անոնց ժամանակ բռնութիւն գործադրելը, ջարդ կամ հրկիզում իրականացնելը, գոյք ոչնչացնելը կամ վնասելը, հրազէն, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր գործադրելը կամ իշխանութեան ներկայացուցչին զինուած դիմադրելը։