image

Ընկե՛ր Զաքար, Վարձքդ Կատար

Ընկե՛ր Զաքար, Վարձքդ Կատար

 Ստեփանակերտէն հրապարակուող «Ապառաժ»   թերթի  կայքէն կը կարդանք ՝

 

Սեպտեմբերի 8-ին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հիւրընկալած է դաշնակցական ընկեր, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Արցախի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Զաքար Քէշիշեանին։ Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Արցախի շրջաններու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչները։

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան կարեւորած է Զաքար Քէշիշեանի ներդրումն Արցախի մէջ երգարուեստի զարգացման, պատանիներուն ազգային ոգիով դաստիարակելու աշխաանքին մէջ։ Ան շեշտած է, որ Շուշիի մէջ 30 տարի դասաւանդած դաշնակցական արուեստագէտը հանգամանքներու բերումով փոխած է գործունէութեան վայրը, բայց անոր ոգին ու առաքելութիւնը մնացած են նոյնը։

Յանուն ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ին, Արթուր Մոսիյեան Զաքար Քէշիշեանի յանձնած է խորհրդանշական նուէր՝ ՀՅԴ 130-ամեակի առթիւ գործուած գորգ։

Իր խօսքին մէջ Զաքար Քէշիշեան նշած է, որ դաշնակցական ընկերները միայն յետմահու կը պարգեւատրուին, սակայն այս պարգեւն ինքը կ’ընդունի որպէս անսահման վստահութեան, սիրոյ եւ իր ուխտը վերանորոգող երեւոյթ։ «Ես դաշնակցական եմ, իմ գործունէութիւնն այստեղ կուսակցական չէ, այլ ազգային, բոլորանուէր։ Սակայն այն ոգին, որ ինձ մղում է այստեղ աշխատելու, դաշնակցականի իմ դաստիարակութիւնն է եւ դրա նկատմամբ իմ հաւատարմութիւնը։ Դաշնակցութիւնը 29 տարի առաջ Շուշիում հիմնադրեց վարժարան, այն ժամանակ ես, ՀՅԴ “Նիկոլ Աղբալեան” ուսանողական միութեան վարչութեան մաս կազմելով, վարժարանի հիմնադիր ընկերներից մէկը դարձայ։ Երբ վարժարանը պետականացուեց, ես շարունակեցի իմ առաքելութիւնը, որ սկսել էի 29 տարի առաջ։ Առաջիկայ տարիներին, ինչքան իմ կարիքը լինի, եւ Աստուած ինձ կեանք տայ, անպայման կը վերադառնամ», ըսած է Զ. Քէշիշեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով պարտաւորեցնող վերաբերմունքի համար եւ մաղթելով, որ այս դժուարին պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան ուժն ու կորովը չպակասի։

«Ես հաւատում եմ, որ հայ ժողովրդի փրկութիւնն իր դաշնակցական որդիների միաբանութեան, ամրակուռ կառոյցի, կառոյցը աւելի հզօրացնելու, այդ ճանապարհով հայրենիքին ծառայելու եւ հայրենիքը փրկելու մէջ է», նշած է արուեստագէտը։