1 Մայիսէն ի վեր ընթացք առած ընդդիմադիր թեւերու շարժումները կը շարունակուին Երեւանի մէջ։
Այսօր, ինչպէս երէկ յայտարարած էր «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր, ՀՅԴ ներկայացուցիչ ՝ Իշխան Սաղաթէլեան առաւօտեան կանուխ ժամերէն ընթաք առած են ինքնաշարժով երթեր, որ կերպով մըն ալ անդամալուծած են մայրաքաղաքի երթեւեկութիւնը:
Երեւանի մէջ ոստիկանութեան աշխատակիցները Հրազդան մարզադաշտի մօտ «Դիմադրութեան» շարժման երթի մասնակիցները սկսան բերման ենթարկել: Անոնք փողոցին մէջ ուժով ինքնաշարժներէն կը հանէին վարորդները ու բերման կ'ենթարկէին:
Տարեց տղամարդ մը, որուն բերման կ'ենթարկէին, ըսաւ. «Պիզոնների հաւաքածու, լսի պիզոն, ես քո դէմքը կը յիշեմ: Դու պատասխան կը տաս խփելու համար»:
Այլ գետնի վրայ, երթերէն մէկուն ընթացքին միջադէպէ գրանցուած է: Ոստիկանները կանգնեցուցած են ոերթի մասնակիցներէն մէկուն ինքնաշարժը, որմէ յետոյ երթի միւս իքնաշարժներու վարորդները եւս դուրս եկան ինքնաշարժներէն:
Ոստիկանները նշեցին, որ ինքնաշարժը կանգնեցուցած են իրենց օրինական պահանջին չենթարկուելու համար, վարորդը, սակայն կը պնդէր, որ երաժշտութեան բարձր ըլլալու պատճառով չէ լսած անոնց պահանջը: Վարորդի հարցին` արձանագրա՞ծ են իրաւախախտում, ծառայողները պատասխանեցին, որ ոչ:
«Երաժշտութեան ձայնը բարձր է եղել, չեմ լսել ոստիկանի պահանջը, կարո՞ղ էք ապացուցել` ես ենթարկուել եմ ոստիկանների օրինական պահանջին, թէ ոչ», ըսաւ վարորդը:
Յիշեցնենք, որ այսօր Երեւանի մէջ «Դիմադրութիւն» շարժումը 5 ուղղութիւններով երթեր կ'իրականացնէ: