image

«Ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն իրար հետ Փինկ- Փոնկ են խաղում». Քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան

«Ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն իրար հետ Փինկ- Փոնկ են խաղում». Քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան

23 օգոստոսին, տեղի ունեցած է «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան նախընտրական դրամահաւաք-երեկոն։ Այս մասին տեղեկութիւն տուած է կուսակցութիւնը։

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն 7 թիւի տակ մասնակցող կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան նախ շնորհաւորած է ներկաները Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ։

Ներկայացնելով իր խումբի հիմնական նպատակն ու սկզբունքները գալիք ընտրութիւններուն՝ քաղաքապետ Մարութեան նշած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու երկու հիմնական պատճառ կայ։

«Մէկը քաղաքն է իր բազում խնդիրներով։ Մեր եռամեայ կառավարման շրջանում մենք ստեղծել ենք համակարգեր, որոնք պէտք է աշխատեն երկար տարիներ շարունակ։ Իմ չհիմնաւորուած իմպիչմենթից (ամբաստանութիւն) յետոյ ես տենում եմ, որ այդ ռեֆորմները (բարեփոխում), ցաւօք, դանդաղել են, շատ պրոցեսներ (գործընթաց) էլ սկսել են հակառակ հունով գնալ։ Պէտք է վերադառնալ եւ նոր թափով շարունակել բարեփոխումների գործընթացը։ Մենք ու մեր երեխաները պէտք է ապրենք յարմարաւէտ, անվտանգ ու զարգացող քաղաքում։ Դրան այլընտրանք չկայ», - ըսած է Հայկ Մարութեան։

Ընտրութիւններուն մասնակցելու երկրորդ պատճառն, ըստ անոր, քաղաքական իրադրութիւնն է։ Մարութեանի խօսքով, 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ փոփոխութիւններու հեռանկարով ոգեւորուած հանրութիւնը կը սպասէր լուրջ բարեփոխութիւններու։ Հիմա բազմաթիւ ոլորտներու մէջ անոնց ընթացքը դանդաղած է կամ կանգնած, որոշ պարագաներու ալ գործընթացները սկսած են ընթանալ սխալ հունով։ Հայկ Մարութեանի խօսքով, երկրին մէջ առկայ քաղաքական այս իրավիճակը շատ ձեռնտու է «աւանդական» քաղաքական ուժերուն. իշխանութիւնը զինք քննադատող խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ նախկինին գործած մեղքերու ու յանցանքներու մէջ, իսկ ընդդիմութիւնն իշխանութեան՝ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ առկայ ձախողումներու մէջ։

«Իշխանութիւնն ու խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, այսպիսով, քաղաքական փինկ-փոնկ են խաղում՝ հանրային դիսկուրսը (երկխօսութիւն) պահելով պրիմիտիվ (նախնական) մակարդակի վրայ, ինչը չի բխում պետութեան շահերից», - եզրափակած է քաղաքապետի թեկնածուն։

Հանդիպման ընթացքին խումբի անդամները ներկայացուցած են կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի առանձին կէտերը։