image

Յիշելով Հրայր Սողոմոնեանը

  Յիշելով Հրայր Սողոմոնեանը

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հրապարակուած է  հանգուցեալ բարերար եւ ազգային գործիչ ՝ Հրայր Սողոմոնեանի մասին պատմող «Յաջողութեան Ուղեւորութիւն» խորագրեալ հատորը։

Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք ԱՄԷ-ի Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

Նախաձեռնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Ազգային Իշխանութեան եւ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի տիկնոջ՝ Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեանի, վերջերս հրատարակուեցաւ Հրայրի մահուան առաջին տարելիցին նուիրուած «Յաջողութեան Ուղեւորութիւն գիրքը, ի յիշատակ Հրայր Սողոմոնեանի»:

Գիրքը կը բովանդակէ Հրայր Սողոմոնեանի մասին վկայութիւններ եւ տպաւորութիւններ որոնք ընդհանրապէս գրի առնուած են եկեղեցական եւ ազգային անձերու կողմէ, որոնք մօտիկ շփում եւ գործունէութիւն ունեցած են Հրայր Սողոմոնեանի հետ:

Հատորը նաեւ կը ներկայացնէ իր թաղման առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետի վկայութիւնը, Հրայրի գրութենէն յօդուածներ եւ իր կեանքի հիմնական հանգրուաններէն գաղուած նկարներու հաւաքածոյ։