image
Հրատապ լուրեր:

Յղի կնոջ մահուան պատճառ եղած անձը պիտի մնայ առանց կալանքի

Յղի կնոջ  մահուան պատճառ եղած անձը պիտի մնայ  առանց կալանքի

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժած է Սոնա Մնացականեանին արկածի ենթարկած՝ ՀՀ վարչապետին ուղեկցող՝ Ճանապարհային ոստիկանութեան ինքնաշարժի վարորդը կալանաւորելու պահանջով դատախազի բողոքը՝ վարորդը ձգելով ազատութեան մէջ։ Այս մասին  դիմատետրեան իր էջով գրած է փաստաբան՝ Րաֆֆի Ասլանեան։

«Քրէական գործի նախաքննութեան տեսանելի ընթացքի միւս հանգամանքները եւս ցոյց են տալիս, որ պետական պատուէրի շրջանակում ամէն ինչ արւում է Սոնա Մնացականեանի եւ նրա երեխայի մահուան մէջ մեղաւոր անձանց հետագայ անպատժելիութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ՝ ընդհուպ ապացոյցների ոչնչացման միջոցով»,- ընգծած է փաստաբանը։

Յիշեցնենք, որ 26 Ապրիլի երեկոյեան, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին ուղեկցող ինքնաշարժներու շարասիւնի առաջին ինքնաշարժի կատարած արկածի հետեւանքով Լէո-Պարոնեան խաչմերուկին վրայ մահացած էր 28-ամեայ յղի կինը։