Ատրպէյճանական կողմը միշտ վարած է բաց բանակցութիւններու քաղաքականութիւն։ Կը կարծենք, որ Ապրիլ 6-ի հանդիպումը եւս մէկ հնարաւորութիւն է։ «ԱՊԱ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ պատասխանելով Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման վերաբերեալ լրատուամիջոցի հարցումին։
«Մենք բարձր կը գնահատենք կողմերու յարաբերութիւնները։ Ատրպէյճանական կողմը բացէիբաց յայտնած է իր դիրքորոշումը։ Ես չէի ուզեր նախօրօք շատ կանխակալ յայտարարութիւններ ընել։ Կը կարծեմ՝ առաջիկայ օրերուն մենք կը տեսնենք, թէ Հայաստան ինչքանով լուրջ կը վերաբերի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին եւ ինչ յստակ քայլեր պատրաստ է ձեռնարկել։ Ատրպէյճանի մօտեցումը պիտի ըլլայ համարժէք»,- ըսած է Պայրամով։