image

Յանուն Արցախին. Երթեր Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ

Յանուն Արցախին. Երթեր Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ զուգահեռ տեղի ունեցած հանրահաւաքները աւարտած են երթով համապատասխանաբար՝ դէպի Եռաբլուր ու Յուշահամալիր-Զինուորական պանթէոն:

«Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտարարած են հանրահաւաքի համակարգողները, երթի նպատակը հայրենիքի ազատութեան ու պաշտպանութեան համար հերոսացած զինուորներու յիշատակի առջեւ խոնարհելով՝ հաւատարմութիւնը յայտնելն է այն գաղափարին, որու համար անոնք զոհած են իրենց կեանքը՝ երդուելով, որ պիտի շարունակեն անոնց գործը: