image
Հրատապ լուրեր:

Արկածի ենթարկուած է Կրթութեան նախարարի որդին

Արկածի ենթարկուած է Կրթութեան նախարարի որդին
13 Օգոստոսին, ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
 
Ինչպէս կը յայտնէ SHAMSHYAN.com-ը, ժամը 17։20-ի սահմաններուն Աճառեան փողոցէն դէպի Ծարաւ Աղբիւր փողոց հատուածին մէջ՝ արագաչափի մօտ, բախած են Գէորգ Դումանեանի վարած Mercedes մակնիշի, Արտեոմ Հայրապետեանի վարած Toyota մակնիշի եւ Թելման Աթանեանի վարած BMW մակնիշի մեքենաները։
 
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վթարի հետեւանքով տուժածներ չկան։
 
Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ Mercedes-ի վարորդ Գ. Դումանեանը ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Վահրամ Դումանեանի տղան է։