Ուսանողներու համար զօրակոչի տարիքը պիտի աւելնայ եւս մէկ տարիով։ Զօրակոչի տարիքը պիտի սահմանուի 28 տարեկանը։ Այս մասին 5 սեպտեմբերին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Վահրամ Դումանեանը՝ ներկայացնելով Ազգային ժողովի կողմէ հաստատուած համապատասխան օրէնքի նախագիծի էութիւնը։
Ան յիշեցուցած է, որ կառավարութիւնը տարկէտում պիտի տայ «STEM» (գիտութիւն, տեխնոլոգիա, ճարտարագիտութիւն եւ մաթեմատիկա) ուղղութիւններով։
Փոփոխութիւնը, ըստ անոր, կ'ենթադրէ որոշակի քանակութեամբ տարկէտում որոշակի առաջնահերթ ոլորտներու, առանձին բուհերու, որոշակի մասնագիտութիւններու համար։ «Սա վերաբերում է բակալավրիատին, մագիստրատուրային եւ ասպիրանտուրային: Տեղերը խիստ սահմանափակ են լինելու։ Տեղերի քանակը պէտք է համաձայնեցուի ՊՆ-ի հետ»,-աւելցուցած է Դումանեան:
Ան վստահեցուցած է, որ ՊՆ-ն դրական եզրակացութիւն տուած է։