image

Ուքրանիոյ F-16 տալը բացառած ենք. Պայտըն

Ուքրանիոյ  F-16 տալը բացառած ենք. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բացառած է Ուքրանիոյ F-16 կործանիչներու մատակարարումը, գրած է bbc.com-ը:

Պայտըն համապատասխան հարցին «ոչ» պատասխանած է Սպիտակ տան մէջ կայացած մամուլի ճեպազրոյցի ժամանակ։

Աւելի ուշ Պայտընի վարչակազմի պաշտօնեան պարզաբանած է, որ Միացեալ Նահանգները արդէն Ուքրանիոյ մեծ քանակութեամբ զէնք կը մատակարարէ։

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ հրասայլերէն ետք կ'ուզեն ստանալ արեւմտեան կործանիչներ: ԱՄՆ-ն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ներկայիս անհնար կը համարէ օդանաւեր ուղարկելը։ 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը 30 յունուարին, մեկնաբանելով Ուքրանիոյ օդանաւերու հնարաւոր մատակարարումը, ըսած է, որ «սկզբունքօրէն ոչինչ արգիլուած է»։