image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան դարձեալ կրակի տակ

Ուքրանիան դարձեալ կրակի տակ

13 յունուարին, Քիեւի մէջ պայթում գրանցուած է։ Այս մասին յայտնած է «Strana»-ի ուքրանական լրատուամիջոցը։

Բացի այդ, Քիեւի տարածաշրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Ալեքսէյ Քուլեպան յայտարարած է տարածաշրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կիրառման մասին։ «Քիեւի մարզ. ՀՕՊ-ը կ'աշխատի»,- գրած է ան թելեկրամեան ալիքով։

Երկրի ողջ տարածքին յայտարարուած է օդային տագնապ։

Աւելի վաղ Ուքրանիոյ մէջ պայթումներ գրանցուած են Տնեփր քաղաքի, ինչպէս նաեւ Վիննիցայի, Նիքոլաեւի, Օտեսայի եւ Խարքովի մարզերուն մէջ։ Մասնաւորապէս, Խարքովի պայթումներէն յետոյ արձանագրուած են ելեկտրամատակարարման համակարգի աշխատանքի խափանումներ, իսկ մեթրոյի գնացքներու շարժումը կրկին դադրեցուած է։ Աւելի ուշ ուքրանական լրատուամիջոցները յայտնած են Իվանո-Ֆրանքիվսքի եւ Թերնոթոլի պայթումներու, ինչպէս նաեւ Վոլինի շրջանի հակաօդային պաշտպանութեան անձնակազմերու աշխատանքի մասին։