image

Ուխտագնացութիւն Տաթեւ՝ ի զօրակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ պահուող միւս գերիներու

Ուխտագնացութիւն Տաթեւ՝ ի զօրակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ պահուող միւս գերիներու

25 մայիսին տեղի ունեցած է «Կենաց ծառ» խորհրդանշական անունով ուխտագնացութիւն դէպի Տաթեւի վանական համալիր՝ ի զօրակցութիւն Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող միւս հայ գերիներուն:

Այս մասին յայտնած է Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը։

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս տաճարին մէջ գերաշնորհ Տ.Վազգէն արք. Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ համատեղ աղօթք բարձրացած է՝ յանուն հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձին։

«Տաթեւը հայոց հոգեւոր եւ ազգային-ազատագրական վերածննդի խորհրդանիշներից է։ Այսօր շատ կարեւոր է ներշնչանք եւ ուժ ստանալ մեր ազգային-հոգեւոր ակունքներից՝ մեր նոր զարթօնքի համար։

Մեր խոցուած ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու, յուսահատութիւնների ու հիասթափութիւնների կորստաբեր շղթան կոտրելու համար նաեւ խիստ կարեւոր է Բաքւում պահուող մեր գերիների շուտափոյթ եւ ապահով վերադարձը հայրենիք»,- ըսած է Վազգէն արք. Միրզախանեան։

Խորհրդանշականօրէն նաեւ «Կենաց ծառ» տնկուած է եւ պտղատու նոր այգի բացուած, Տաթեւի եւ Հալիձորի մէջ ազգագրական-մշակութային միջոցառումներ կատարուած:

Համայնքի բնակիչները աւանդական հարիսա պատրաստած են։ Համերգային կատարումներով հանդէս եկած են Արցախի ազգային նուագարաններու նուագախումբը եւ «Մռակած» երգչախումբը:

Նշենք, որ ուխտագնացութիւնն իրականացուած է Ռուբէն Վարդանեանի ծննդեան օրը: Այսօր Արցախի նախկին պետական նախարարը 56 տարեկան եղած է։

Յիշեցնենք, որ 2008 թուականին անոր նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս կառուցուած է «Տաթեւեր» ճոպանուղին, վերականգնուած են վանական համալիրի կառոյցները եւ այլն։