image

Ոտնլուան Խոնարհութեամբ Եւ Սրբութեամբ Ապրելու Հրաւէր

Ոտնլուան Խոնարհութեամբ Եւ  Սրբութեամբ Ապրելու Հրաւէր

Ծայր աստիճան սիրող, իշխանութեամբ ուսուցանող, հեղինակութեամբ  քարոզող, փրկութեան հրաւիրող, հրաշքներ գործող, բարի համբաւ ունեցող եւ խաչի մահը յանձն առնելու պատրաստ եղող մարդասէր Փրկիչը գիտէր թէ ." Այս աշխարհէն իր Հօրը քով պիտի երթայ"։(Յհ 13.1) 

Ան գիտէր թէ պիտի չարչարուէր եւ տառապանքի դառն բաժակէն ըմպէր։ Սակայն նախընտրեց Իր աշակերտներուն հետ ժամանակ անցընել։ Ուստի ուշադրութեան դարձուց առաքեալներուն,  հոգածութիւն ցուցաբերեց,  Քաղցրութեամբ խրատեց, խոստումներով խրախուսեց, պատահելիքներուն մասին ակնարկեց, աղօթք մատուցեց, Սուրբ Հաղորորդութեան խորհուրդը հաստատեց, եւ ոտնլուայով խոնարհութեան խօսուն օրինակը փոխանցեց։ 

Արդեօք ինչո՞ւ Քրիստոս աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ 

Նախ գործնապէս սորվեցուց խոնարհութեան կարեւորութիւնը։  Առաքինութիւն մը, առանց որուն կարելի չէ խաչ կրել։ Խաչի խորհուրդին հետ սերտ առնչութիւն ունի խոնարհութիւնը։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոս խոնարհութեան մասին անդրադարձ կատարելով կ`ըսէ." Ինքզինքը խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ` յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ` խաչի մահը" ։ (Փլպ 2.8)

Յիսուս խոնարհութեամբ ապրիլը կը նկատէ էական, որուն ճամբով աշակերտները պիտի ըլլային Աստուծոյ վստահող, շնորհքով զարդարուող, Տիրոջմով պարծանք զգացող եւ խաչը սիրով կրող հաւատքի ախոյեաններ եւ Քրիստոսի վկաներ։ Քրիստոս Նախքան փառքով երկինք համբառնալը ուզեց խոնարհութեան վերաբերեալ անմոռանալի դաս փոխանցել, որպէսզի աշակերտները Քրիստոսի օրինակով ապրէին։  Մեծամիտ, այլամերժ, ինքնահաւան եւ եսակեդրոն ըլլալէ զգուշանային։ 

Առիթով մը Քրիստոս մանուկ մը կանչեց եւ զայն Իր աշակերտներուն մէջտեղ կանգնեցուց եւ  ըսաւ."Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ` անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ"։ (Մտ 18. 3_5) Երկնային փառքի արժանի դառնալու ազդու միջոցն խոնարհութիւնը։

Ինչքա՜ն կը կարօտինք այս առաքինութեան, որպէսզի մեր սխալներն ու սայթաքումները տեսնենք, մեր տկարութիւնն ու թերութիւնը խոստովանինք, մեր բարոյական անկումներուն եւ հոգեւոր նահանջին համար խորազգաց զղջում զգանք։ Ինչքա՜ն կարիքը ունինք այս առաքինութեան, որպէսզի եսին երկրպագու ըլլալէ դադրինք, անձնակեդրոն մտայնութենէ հրաժարինք եւ "Մենք"ին կառչինք։

Հպարտութիւնը դժոխքի դեսպանատունն, իսկ խոնարհութիւնը` Յիսուսանման կեանքի բանալին։

Ոտնլուայով Յիսուս մաքրութեամբ  ապրելու անհրաժեշտութիւնը ցոյց տուաւ։ Սաղմոսերգուն կ`ըսէ. "Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ"։(Սղ 51.7) Մեղքը աղտեղութիւն է, գարշահոտութիւն է, հոգեւոր մահ է։ Սրտի սրբութեամբ եւ խղճմտանքի մաքրութեամբ ապրելու է հաւատացեալը, որպէսզի մաքրակրօն վարքով գործէ, ծառայէ եւ աղօթէ։ 

Պօղոս առաքեալ մաքրութեամբ եւ աստուածվախութեամբ ընթանալ կը թելադրէ ըսելով`."Մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք` Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով"։(Բ.Կր 7.1)

Իսկ պղծասէր, չարին ստրուկ, մեղքին ծառայ եւ անիրաւութեան գործիք դարձող մարդուն ողբալի վիճակին մասին խօսելով` Պետրոս առաքեալ կը մէջբերէ Հին Ուխտի Առակաց գիրքին հետեւեալ համարը."Խոզը որքան ալ լուաս` տիղմին մէջ կը թաւալի"։(Բ.Պտ 2.22)

Մեր Տէրը Քրիստոս ըսաւ."Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն"։(Մտ 5.8)

Սիրտը կը խորհրդանշէ մարդուս ներաշխարհը, այսինքն` հոգեվիճակը, զգացումները, տրամադրութիւնը, դիտումները, հակումները եւ խիղճը։ Քրիստոս դիտել կու տայ ներքին մաքրութեան անյետաձգելի պահանջք ըլլալը։ Քրիստոս "Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորներ, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ..." արտայայտութեամբ խստիւ յանդիմանեց օրուան կրօնական իշխանութիւնը, իրենց ամօթալի եւ աստուածամերժ ընթացքին պատճառով։ Անոնք նկարագրի մաքրութեան եւ սրտի սրբութեան կարեւորութիւն չէին տար բնաւ, ահա թէ ինչո'ւ մեր Տէրը անոնց ըսաւ. "Արտաքնապէս մարդոց արդար կ`երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ..."(Մտ 23.28)

Քրիստոս տաճարը մաքրագործեց, երբ տեսաւ աղաւնեվաճառները եւ լումայափոխները, որոնք Տիրոջ տան նկատմամբ  անտարբեր մօտեցում ունէին։ Անոնք սրբութիւնը արհամարհելու յանդգնեցան, ուստի Քրիստոս դուրս հանեց խաւարասէրները եւ  շրջեց սեղանները, յիցնելով  թէ Տիրոջ տունը աղօթքի տուն է։

Ոտնլուայով կը վերյիշենք մկրտութեան աւազանի օրհնուած ջուրը, որ միջոց է մեղքերու թողութեան (սկզբնական կամ ադամական մեղքէն)։ Մկրտութիւնը եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներուն առաջինն է եւ Քրիստոնեայ կոչումը ստանալու նախապայմանը։

Ոտնլուայով կը մտաբերենք զղջման եւ խոստովանութեան արցունքները, որոնք բայացայայտ նշան են ապաշխարութեան։ Ինչպէս ըրաւ մեղաւոր կինը երբ."Յիսուսի ոտքերուն մօտ կեցած` կու լար, արցունքներով անոր ոտքերը կը թրջէր եւ մազերով կը սրբէր, կը համբուրէր ոտքերը եւ իւղով կ`օծէր զանոնք"։(Ղկ 7.38) Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը բացատրէ թէ պոռնիկ կինը իրողապէս ապաշխարեց, քանի ապաշխարութեան երեք բաժինները կային իր արարքին մէջ։ Արցունքը զղջումի նշան է, ոտքերը համբուրելը` խոստովանութեան նշան, իսկ ազնիւ իւղով Տիրոջ ոտքերը օծելը` գործը։

Հին Ուտին մէջ կը կարդանք թէ Աննան (Սամուէլ մարգարէին մայրը) տրտմալից հոգիով աղօթեց եւ Տէրը լսեց իր Խնդրանքը։ Ան "Տիրոջ առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ...իր սրտին մէջ կը խօսէր, միայն շրթունքները կը շարժէին, բայց ձայնը չէր լսուէր"։(Ա.Թգ 1.9_15)

Սաղմոսերգուն կ`ըսէ."Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս"։(Սղ 6) Աղօթախառն ապրումը երբեմն  կ`արտայայտուի արցունքով։

Այս օրինակները որոշ չափով ցոյց կու տան ջուրին մասին, որոնք ջերմեռանդ աղօթքի եւ անկեղծ զղջումի պատկերը կը պարզեն։

Ոտնլուայի խորհուրդով Տէր Յիսուս Իր  խոնարհ ըլլալը ցոյց տուաւ աշակերտներուն եւ թելադրեց հետեւին Իր օրինակին։

Խոնարհութիւն եւ սրբութիւն։ Երկու անկողոպտելի զարդեր, նկարագրային դրական  տուեալներ, հոգեշահ գանձեր եւ հոգեւոր թռիչքի զոյգ թեւեր են։

Ոտնլուայով Քրիստոս սորվեցուց թէ աշխարհը չի կրնար մաքրազարդել մեր կեանքը, այլ միայն Իր "Սրբարար զօրութեամբ" կրնանք քալել խաչի ճանապարհէն եւ Յարութեան յաղթաբեր արշալոյսը դիմաւորել։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...