image

Որո՞ւն պէտք է «Զանգեզուրի միջանցք»ը. Թուրք պաշտօնատարէն դիտարկում

Որո՞ւն պէտք է «Զանգեզուրի միջանցք»ը. Թուրք պաշտօնատարէն դիտարկում

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի համար։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «APA»-ն, այս մասին ըսած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներու երկրորդ եռակողմ նիստի ժամանակ։

Ան նշած է, որ երեք երկիրներու ժողովուրդները կապուած են սերտ պատմական եւ մշակութային կապերով։

Յատկանշական է, որ Շենթոփ խօսած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին, առանց յիշատակելու Հայաստանը։