image

Որեւէ հրեայ, որ ձայն կու տայ դեմոկրատներուն, կ՚ատէ Իսրայէլը. Թրամփ

Որեւէ հրեայ, որ ձայն կու տայ դեմոկրատներուն, կ՚ատէ Իսրայէլը. Թրամփ

Հրեաները, որոնք կը քուէարկեն դեմոկրատներու օգտին, «կ՚ատեն Իսրայէլը եւ իրենց կրօնը», այդպիսի  պահուածքը «սրբապղծութիւն է»: Այս մասին ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է պահպանողական պլոկըր Սեպասթիան Կորքայի հետ հարցազրոյցի ժամանակ, գրած է Politico թերթը։

«Ես իսկապէս կը կարծեմ, որ անոնք կ՚ատեն Իսրայէլը: Որեւէ հրեայ, որ ձայն կու տայ դեմոկրատներուն, կ՚ատէ իր կրօնը... անոնք կ՚ատեն Իսրայէլի վերաբերեալ ամէն ինչ եւ պէտք է ամչնան իրենք իրենցմէ, քանի որ Իսրայէլը պիտի կործանուի»,- ըսած է նախկին նախագահը։

Սպիտակ տունը, մեկնաբանելով Թրամփի ըսածը, այդ որակած է «թունաւոր», իսկ նախագահ Ճօ Պայտընի նախընտրական շտաբը Թրամփը մեղադրած է «աճող հակասեմականութեան ժամանակաշրջանին հրեայ ամերիկացիներու վրայ յարձակելու մէջ»:

«Միակ մարդը, որ պէտք է այստեղ ամչնայ, Տանըլտ Թրամփն է», -ըսած է Պայտըն շտաբի խօսնակ Ճէյմս Սինկըրը։