image

Ողբերգական դէպք՝ Երեւանի մէջ. Աղջիկը ինքզինք պատշգամէն վար նետած է

Ողբերգական դէպք՝ Երեւանի մէջ. Աղջիկը ինքզինք պատշգամէն վար նետած է

Երեւանի մէջ, այսօր` Մայիս 24-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. Ժամը 02:50-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Վ. Փափազեան փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ դի կայ: 

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը նշուած փողոցի բնակիչ` 51-ամեայ Քրիսթինէ Պ.-ն էր, որ, ըստ վերջինիս մօր յայտարարութեան, ինքնասպանութիւն գործած է` իրենց տան պատշգամէն վար նետուելով: 

Արտաքին զննութեամբ` դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած: 

Փաստի առթիւ աւագ քննիչ Սահակեանի կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին եւ նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ, այդ շարքին` դիակի դատաբժշկական: