Հոկտեմբերի 3-ին, խոշոր ու ողբերգական մեքենայի վթար տեղի ունեցած է Շիրակի մարզին մէջ: Ժամը 18:10-ի սահմաններուն Երեւան-Գիւմրի ճանապարհի 93 քմ հատուածին բախած են Mitsubishi Grandis եւ Nissan Tiida մակնիշի մեքենաները:
Իէչպես յայտնած է shamshyan.com-ը, վթարի հետեւանքով 3 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած է, 7 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է Գիւմրիի եւ Մարալիկի բժշկական կեդրոններ:
Վիրաւորներուն առաջինը օգնութեան հասած են քաղաքացիները, շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբերը, Շիրակի մարզային փրկարարական վարչութեան փրկարարները: Մի քանիին մեքենայէն դուրս բերած են փրկարարները՝ օգտագործելով յատուկ տեխնիկա:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը պարզած են վարորդներու, մահացածներու եւ վիրաւորներու ինքնութիւնը:
Վթարի փաստով Արթիկի եւ Անիի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Քննիչի յանձնարարականով մեքենաները կը տեղափոխուին ոստիկանութեան Արթիկի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք: